ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ԱՂՕԹՔ / AMENORYA AGHOTK

Поделиться
HTML-код
  • Опубликовано: 27 авг 2024
  • Written by
    Vrouyr Demirjian
    Վրոյր Տէմիրճեան
    Read by
    Mayda Tatoyan Movsessian
    Մայտա Թադոյեան Մովսէսեան
    ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ ԱՂՕԹՔ
    Խորհրդաւոր այս պահուն, Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ըլլալով՝ Տիրոջս կ՚աղօթեմ։ Տէ՛ր Աստուած, հայր ամենակալ, արարիչ երկինքի եւ երկրի, փա՜ռք քու հրաշափառ մեծութեանդ, պատիւ եւ երկրպագութիւն քեզի։ Երկայնամիտ եւ բազումողորմ Տէր, շնորհակալութիւն այսօրուան եւ կեանքի բոլոր օրերուս համար։
    Այս պահուն ծնկաչոք՝ քեզի կու գամ, որպէսզի մաքրես զիս եւ քու արեամբդ սրբես իմ մէջ գտնուող ամէն տիղմ, չարութիւն, ոխակալութիւն, յոռի զգացում եւ ժխտական խորհուրդ։
    Դուն սուրբ ես. այս պահուն, քեզ ծառայող հրեշտակներուն նման կ՚երգեմ ըսելով. «Սուրբ, սուրբ, սուրբ, Տէր զօրութեանց»։ Դու՛ն ես իմ փրկիչս եւ ապաւէնս, առանց քեզի ես ոչինչ եմ. քեզմո՛վ է, որ կեանքս կ՚արժէւորուի եւ կ՚իմաստաւորուի։ Գթա՛ զիս ո՜վ ողորմած հայր, որովհետեւ առանց քեզի, կեանքս խարխափումի մէջ է եւ խաւարին գերին դարձած։ Դու՛ն ես լոյսը եւ յոյսը իմ կեանքիս։
    Այս պահուն, ֆիզիքական եւ հոգեւոր բոլոր հոգերս քեզի կը յանձնեմ։ Դուն հրաշալի Տէր ես, գիտեմ որ կը սիրես զիս եւ պէտք եղածէն աւելի կը հոգաս։ Քեզի կը յանձնեմ բոլոր հոգերս, որովհետեւ մարդկային իմ կարողութիւններս բաւարար չեն կեանքի դժուարութեանց դէմ տոկալու եւ պայքարելու։
    Խնդրանքս է ով Տէր, որ ֆիզիքական առողջութիւն պարգեւես, որպէսզի հոգեւորապէս եւ իմացականօրէն քու փառքիդ եւ դաշտիդ մէջ ծառայեմ։
    Պաշտպանէ զիս մարդոց չար եւ սատանայական խօսքերէն եւ յարձակումներէն։ Միակ ապաւէնս ես եւ քեզմէ զատ մէկը չունիմ։ Նաեւ կը խնդրեմ քեզմէ Տէր, որ իրենց հաւատքին համաձայն, կատարեալ առողջութիւն պարգեւես հարազատներուս, եղբայրներուս եւ քոյրերուս, բարեկամներուս եւ բոլոր քեզ պաշտողներուն ու փառաւորողներուն։
    Այս բոլորը կը խնդրեմ Միածին Որդիիդ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով, ամէն։

Комментарии • 165