ԱՂՕԹՔ / AGHOTK

Поделиться
HTML-код
  • Опубликовано: 27 авг 2024
  • Written by Vrouyr Demirjian
    Վրոյր Տէմիրճեան
    Read by Mayda Tatoyan Movsessian
    Մայտա Թադոյեան Մովսէսեան
    ԱՂՕԹՔ
    Երկնքի եւ երկրի ամենազօր Տէր,
    Քու անբաւ բարութեանդ ու սիրոյդ համար
    Կը խոնարհիմ քու սիրտիդ խորանին առջեւ
    Ու կը լուսաւորուիմ քու համատարած ճաճանչներով։
    Քու ողորմութիւնդ առատ է,
    Արեւու ճառագայթներէն աւելի,
    Ահա թէ ինչու հոգիս Քու՛ գթութեանդ
    Ցօղերով կը թրջուի,
    Քան աշխարհը՝ առաւօտեան շաղով։
    Ցոյց տուր ինծի սիրոյ ճանապարհը՝
    Դուռը մեծագոյն յայտնութեանց։
    Ո՛վ հոգի, Աստուա՜ծ ճշմարիտ,
    Եկուր եւ թեւածէ բոլորի վերեւ,
    Որ անդրադառնան, թէ իրենց կեանքերը
    Կ՚առաջնորդուին այնպիսի՛ ճամբաներէ,
    Զորս չե՛ն գիտեր, թէ անոնք ու՛ր կ՚ուղղուին
    Եւ ինչ նպատակներու համար։
    Ո՜վ Տէր, երեւա՛ ինծի,
    Երբ կու գամ փրփրած ծովը տեսնելու,
    Ու բա՛ց իմ ականջներս,
    Որ լսեմ բնութեան բոլոր ձայներու համանուագը։
    Օ՜հ, ամենակալ Տէ՛ր, ունկնդրել տուր ինծի
    Տիեզերքի մեղեդին, բնութեան ամէն մէկ տարրին մէջէն՝
    Սիրեցէ՛ք զիրար, զի սէ՜ր է Աստուած։
    Տէ՜ր, առաջնորդէ իմ քայլերս
    Դէպի քու նպատակակէտդ
    Ու իմ միտքս՝ դէպի հայեցակէտդ։
    Այսօր, ծնրադիր՝ կ՚ողբամ իմ մեղքիս համար,
    Եւ այդ ողբը իմ ամենօրեայ ամօթս է
    Եւ նաեւ սիրտիս ամենէն խորո՜ւնկ ցաւը։
    Արգե՛լք է ան՝ մեղքը։
    Ան կ՚աղօտէ տեսքդ
    Ու իմ տառապակոծ անձս կը մթնցէ
    Խափանելով հոգւոյդ անհուն շողերուն անձրեւումն իմ վրաս...։
    Ո՜վ Տէր, նետահար թռչունի մը նման
    Քեզի՝ ապաստանարանիդ կը դիմեմ,
    Քու խաչիդ լոյսին տակ դադար ու շունչ առնելու։
    Ո՜վ մեղաւորներու անձնուրաց Տէր,
    Ո՜վ իմ յոյս անշիջանելի,
    Ո՜վ միակ արդար՝ անարդարներուն համակրող
    Ու միակ սուրբդ՝ անսուրբերը սիրող։
    Եթէ Քեզ չունենայի՝
    Վաղուց կ՚անշնչանայի իմ հոգիիս անյուսութեան խորքը։
    Այսօր Քեզի կու գամ, ամէն օր մեռնող
    Ու ամէն օր յարնող՝ Յիսո՛ւս Քրիստոս.
    Գթառատ Տէ՜ր,
    Քու աչքերդ դարձուր իմ վրաս,
    Որ հոգեկան ջլատիչ յուսահատութենէս դուրս գամ,
    Եւ մութ հորիզոնէն կայծ մը ցոլացուր,
    Որ լոյսով ողողուած՝ Քու փառքդ հիւսեմ. Ամէն։

Комментарии • 43