ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ - Վահան Թէքէեան
HTML-код
- Опубликовано: 6 фев 2025
- ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ
Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն.
Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց,
Երբեմն հատնումը սրտիս ու մերթ արցունք մը անձայն...:
Ինչ որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշցած
Ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան.
Ինչ որ տարաւ սէրն ինձմէ՝ չկորսնցուց զայն Աստուած,
Տուաւ ինձ ետ ու ըրաւ կեանքս անով միշտ բուրեան...:
Եւ այժմ, ո՛վ Տէր, հակառակ իմ տանջանքիս, հակառակ
Ինծի համար սա՛ չորցած երջանկութեան աղբիւրին.
Հին գինիով յորդաբուխ ես կ'արբենա՜մ տակաւին...:
Ու չեմ ըսեր «ի՞նչ մնաց...»: Ի՞նչ կը մնայ հողին տակ
Եղէգներէն դիւրաթէք, կաղնիներէն հաստաբուն,
Արեւն ըմպած ըլլալու մխիթարանքը անհուն:
Ամեն տեր 🙏🙏🙏
Ամեն Քույրիկ ջան 🙏🙏🙏
❤❤❤❤❤
❤❤❤ 🙏 tsaynet anesbar patsarig 🙏😍
😍😇🌷🙏