♥ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ, ԲԵՐԷ՛ ԲԱՐԻՆ ♥ Armenian christmas songs

Поделиться
HTML-код
  • Опубликовано: 21 дек 2015
  • Armenian christmas songs mixed kotchari
    ♫ By Shake & Seto Baghdassarian
    Գեղահամ մեծասքանչով զեղուն տաղեր, քնարաշունչ ոսկեղնիկով, բանաստեղծական յորդառատ երկեր գրաւեն ձեր զգայուն ու բոցավառ հոգիները:
    ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԲԵՐԿՐԱԼԻ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ
    ԶԱՆԳԱԿՆԵՐ
    Ձիւնը կը տեղայ սարերուն վրայ,
    Իսկ Կաղանդ Պապան սահնակի վրայ,
    Դէպի մեզ կու գան շարան եղնիկներ՝
    Քաշելով սահնակը, բերելով խաղալիքներ:
    Զանգակներ, զանգակներ,
    Սիրուն զանգակներ,
    Կը հնչեն անդադար
    Նոր Տարուան գիշեր:
    ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱ
    Կաղանդ Պապա, Կաղանդ Պապա,
    Սարերուն վրայէն կու գայ,
    Լայն բացէք ձեր դռները,
    Կաղանդ Պապան թող ներս գայ:
    Ճերմակ մօրուք, ճերմակ մազեր,
    Կարմիր հագուստ է հագեր,
    Տոպրակ մը կռնակին վրայ,
    Ձեռքն ալ գաւազան մը կայ:
    Նուէր կու տայ բարիներուն
    Աղուոր ծեծ մը չարերուն,
    Ուստի տղաք ջանացէք
    Ըլալ բարի, խելօքիկ:
    ԿԱՂԱՆԴ
    Ահա Հասաւ հասաւ վերջապէս
    Մեր կաղանդը սիրական
    Միրգեր շատ անուշ ու պէս պէս
    Բերաւ մեզ այսօր կաղանդ պապան
    Տեսանիւթը համադրեց՝ Սիլվի Սրբուհի Մարազեան

Комментарии •