Գառնիկ Սարգիսեան 2012- Նեմեսիս - Հրաչ Փափազեան- Յ.Չ

Поделиться
HTML-код
  • Опубликовано: 5 окт 2024
  • «Նեմեսիս»-ի գործողութեան 90-ամեակին, ճակատաբաց կերպով ու բարձր արժանապատուութեամբ կրնանք յայտարարել, թէ կտակն էր նահատակներուն, որ գործադրուեցաւ: Կտակը նահատակներուն, որոնք ինկան մերժելու համար ստրկութիւնը, իսլամացումը, թրքացումը, ազգուրացութիւնը, խօսքի ու մտքի ազատութեան բռնադատումը, արժանապատուութեան ոտնակոխումը, հողի ու ինչքի հարստահարումը, իր հողին վրայ հայ ծնելու, հայ ապրելու եւ հայ մեռնելու արդար իրաւունքի ոտնահարումը, հայերէն խօսելու եւ հայերէնով իր եկեղեցւոյ մէջ աղօթելու պարտաւորութեան խլումը: Այդ նահատակները ինկան մերժելով հանգիստ կեանք խոստացող, սակայն ազգուրացութիւն պահանջող թուրքին եւ անոր մեղսակից օտարազգի ուժերուն կամքը, այն հաւատքով, որ գալիք սերունդները տէր պիտի կանգնին հայ մշակոյթի իրաւունքներուն, պիտի պաշտպանեն հայկականութիւնը, Հայաստանն ու հայութիւնը եւ արդարահատոյց պիտի ըլլան թուրքերէն», Յակոբ Բագրատունի

Комментарии • 16