Karun Karun E = Nayad&Nairi Kalaylı

Поделиться
HTML-код
  • Опубликовано: 3 июл 2024
  • «ԴԷՊԻ ՎԱՐԴԱՎԱՌ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
    Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 3 Յուլիս 2024, Չորեքշաբթի, ժամը 21.00-ին, «Դէպի Վարդավառ» խորագրեալ դասական երաժշտութեան գիշերը տեղի ունեցաւ։
    Հանդիսութիւնը գլխաւորեց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, իր մօտն ունենալով «Մենք Երգենք» ծրագրէն Սեւան Աթաօղլուն եւ երաժշտական խորհրդատու Յակոբ Մամիկոնեանը։ Ներկայ էին նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ վարչութենէն եւ Ներսէսեան Դպրաց Դասէն անդամներ։
    Հանդիսավարն էր Անի Էրտօղան, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց օրուան խորհուրդը։ Ապա ներկայացուց Քայրա Ալկանը, Տերեւ Մալխասեանը, Սերա Տէմիրճիօղլուն, Միքայէլ Էքմէքճին եւ Նայատ ու Նայիրի Քալայլը քոյրերը։
    Տղաքը դաշնակով ներկայացուցին դասական երաժշտութենէ նմոյշներ։ Իսկ հանդիսութեան եզրափակիչ փուլին, Նայատ ու Նայիրի քոյրերը դաշնակով ու ջութակով ներկայացուցին տոհմիկ երգեր։ Անոնք ներկաներու բարձր գնահատանքին արժանացան։
    Հանդիսութեան աւարտին հուսկ բանքը կատարեց Յարութիւն Վարդապետ եւ յայտնեց, որ «Դէպի Վարդավառ» խորագրեալ հանդիսութեան գլխաւոր նպատակն էր Կիրակնօրեայ տօնական մթնոլորտին կանուխէն պատրաստել ներկաները։
    Ներկաներ նաեւ Վարդավառ անունով ծանօթ տօնին եկեղեցական անունին՝ Պայծառակերպութեան ծանօթացան եւ այս միոյն մէջ շեշտուեցաւ պայծառ բառի զօրութիւնը։ Հայր Սուրբը ըսաւ, որ մեր զաւակներու տաղանդաշատ ներկայութիւնը թէ՛ կը պայծառացնէ իրենց անձերը, եւ թէ՛ իրենց շրջակայքը եւ ալ աւելին մեր աւանդութիւնները աւելի պայծառ տեսքով կը մատուցուին։ Այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն ու կազմակերպիչներուն։ Ապա յուշանուէրներ յանձնուեցան մասնակից երիտասարդներուն։
    Ներկայացման վերջին փուլին բոլոր ներկաներ միասնաբար երգեցին «Տէրունական Աղօթք»ը եւ Հայր Սուրբի վերջին օրհնութեամբ հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ։
    ԱՌ ԿՂԶԵՑԻՍ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ

Комментарии •